Ծառէն ժանեակ ծառէն մանեակ ծառէն սոխակ կախեցէքԾառէն թելեր ծառէն ծամեր ծառէն լոյսեր կախեցէքԾառէն ծաղիկ ու խաղալիկԾառէն պերճանք ու զարդարանքԾառէն խաբկանք ծառէն պատրանք ուերազանք կախեցէք
«Կաղանդի գիշեր»
Ամէն ինչ ծայրէն վերսկսելու,Ի վերջոյ նորէն այդպէս ըլլալու–Տօնն է այս գիշեր․․․Լոյսեր վառեցէք – եթէ չի բաւերՁեզ տաքցնելու ձեր լոյսը ներքին–Տօն է այս գիշեր․․․Պահ մը ամէն ինչ վերջացնելուԱմէն ինչ ծայրէն վերսկսելու–Տօնն է այս գիշեր․․․Յոյսեր վառեցէք – եթէ չեն բաւերՁեզ տաքցնելու ձեր յոյսերը հին–Տօն է այս գիշեր․․․Երգել փորձեցէք – եթէ չէք մոռցերԽանդոտ երգերը ձեր պարմանութեան–Տօն է այս գիշեր․․․Զուր տեղ վատնուած օրերն յիշելու–Գոյութեան տխուր հաշուեկշիռինՏօնն է այս գիշե․․․Լոյսեր ու յոյսեր վառեցէք գոյն գոյն,Երգեր երգեցէք հինէն ու նորէն–Տօ՛ն է այս գիշեր․․․Գոյատեւելո՛ւ տօնն է այս գիշեր…